2014-08-08 09:39:25

Բախումներ` Քիեւի հրապարակին վրայ


Քիեւի կեդրոնին մէջ երէկ բախումներ տեղի ունեցան Մայտանի գործիչներու եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ:
Ուքրանական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ ոստիկանները ուժ օգտագործեցին եւրամայտանցիներու դէմ` օգտագործելով լուսաձայնային նռնակներ: Գործիչներն ալ ի պատասխան քարեր եւ պայթուցիկներ նետեցին:
Գործիչներէն մէկը փորձեց ոստիկաններէն մէկուն ուղղութեամբ «Մոլոթովեան քոքթել» նետել, սակայն ոստիկանները կրցան զինք զսպել:
Նախքան այդ, գործիչները սկսան ինքնաշարժներու անիւներ հրկիզել` այդպիսով բողոքելով պատուարներն ու վրանները կազմաքանդելու համայնքային իշխանութիւններու փորձերուն դէմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.